2016-11-18 08:30:00

Կարդինալական հրապարակային հաւաք` 19 նոր կարդինալներու նշանակումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 19 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ կարդինալական ժողով որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ 19 նոր կարդինալներու նշանակումի արարողութիւնը. զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը. կարդինալական դասի ներկայութեամբ եւ որուն ընթացքին նորանշանակ 19 կարդինալներուն կը յանձնուի Կարդինալական գլխարկը, մատանին ու թեմական տիտղոսը։

Վերոնշեալ 19 կարդինալներու անուանումի հռչակումը տեղի ունեցաւ անցեալ 9 հոկտեմբեր 2016-ին. Մարեմեան Յոբելենական նշումին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին  արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին։

Յայտնենք թէ նոր կարդինալները, կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ին, Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, կարդինալական դասին միւս անդամներուն հետ միասին, կը մասնակցին Սուրբ Պետրոսի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ սուրբ տարուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Պետրոսի մայր աճարին սուրբ դրան փակումը։

Նորնշանակ կարդինալները կը պատկանին 11 ազգութիւններու։

Գերապայծառ Մարիօ Զենարի` Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ։

Գերապայծառ Տիէոտոննէ Նզապալայնկա` Պանկիի առաջնորդ։

Գերապայծառ  Քարլոս  Օզորօ Սիերրա` Մատրիտի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Սերճօ Տա Ռոքա` Պրազիլիայի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Պլազէ Քուփիխ` Շիքակոյի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Փաթրիք Տ. Ռոզարիօ`Տհաքքայի Արքեպիսկոպոս։

 Գերապայծառ Պալթազար Փորրաս Քարտոզօ` Վենեզուելլայի Մերիտա թեմին Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ժոզէֆ Տէ Քեզել Պելկիոյ Մալին-Պրիւքսելի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Մորիս Փիաթ Մաուրիցիուս  կղզիի  Փոր  Լուիս-ի Արքեպիսկոպոս։

 Գերապայծառ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրել, աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի համաժողովի կառավարիչ։

Գերապայծառ Քարլոս Ակիրա Ռեթէս` Մեսսիքօ Թլալնեփանթլայի Արքեպիսկոպոս։

 Գերապայծառ Ժոն Ռիպաթ` Նոր Կինէայի Փորթ Մորեսպիի Արքեպիսկոպոս։

 Գերապայծառ Ժոզէֆ Ուիլլիամ Թոպին, ԱՄՆ-ի Ինտանափոլիս թեմի Արքեպիսկոպոս։

Կարդինալական տիտղոսին արժանացան նաեւ  երկու վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսներ ու մէկ եպիսկոպոս` որոնք յատուկ նուիրումով կատարեցին իրենց հովուական առաքելութիւնը ինչպէս նաեւ մէկ Քահանայ մը որ իր առաքելութեամբ քրիստոնէական յստակ վկայութիւն ընծայեց շուրջիններուն։

Գերապայծառ Անթոնի Սոթեր ֆերնանտէզ` Մալաիզիաի երբեմնի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ռենաթօ Քորթի` Իտալիոյ Նովարա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Սեպասթեան Քոթօ Քոարայ` Լեզոթօ հանրապետութեան Մոհալէս Հոէք թեմի երբեմնի եպիսկոպոս։

Հայր Էրնեսթ Սիմոնի`­ Ալպանիայի Սքութարի թեմի թեմական վարդապետ։։








All the contents on this site are copyrighted ©.